Ազգային Ժողովը Ընդունեց Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Վերաբերեալ Որոշումը Եւ Ուղարկեց Սահմանադրական Դատարան
https://parstoday.ir/hy/news/armenia-i112195-Ազգային_Ժողովը_Ընդունեց_Թովմասեանի_Լիազօրութիւնները_Դադրեցնելու_Վերաբերեալ_Որոշումը_Եւ_Ուղարկեց_Սահմանադրական_Դատարան
Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու որոշումը: 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 101-ը, կողմ քուէարկած է 98, դէմ՝ 1 պատգամաւոր:
(last modified 2026-06-03T14:24:08+00:00 )
Հոկտեմբեր 05, 2019 09:03 Asia/Tehran
  • Ազգային Ժողովը Ընդունեց Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Վերաբերեալ Որոշումը Եւ Ուղարկեց Սահմանադրական Դատարան

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու որոշումը: 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 101-ը, կողմ քուէարկած է 98, դէմ՝ 1 պատգամաւոր:

Քուէարկութեան մասնակցած են միայն իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորները: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի․ ինչպէս ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը ըսած էր, Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հիմնաւորումները թոյլ են:

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Պետաիրաւական հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը, որոշումը ստանալէ եւ վարոյթ ընդունելէ  30 օրուայ ընթացքին Սահմանադրական դատարանը պէտք է որոշում կայացնէ, այդ ժամկէտը կրնայ եւս երկարացուիլ մինչեւ 50 օրով:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին՝ ինչպիսի որոշում ալ կայացնէ Սահմանադրական դատարանը, իշխող խմբակցութիւնը կ’ընդունի՞, քուէարկութեան մասնակցած Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ այո:

«Եւ հիմա մենք կասկած ենք յայտնում, ըստ էութեան, այս որոշմամբ, թող ՍԴ-ն որոշի՝ դա այդպէս է՞, թէ՞ չէ: Իսկ ո՞վ է ասում, որ պիտի չընդունենք», – յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակը:

«Ազատութեան» հարցին, թէ ի՞նչ պիտի  ըլլայ յաջորդ քայլը, եթէ Սահմանադրական դատարանը մերժէ ընդունիլ իրենց որոշումը եւ չդադրեցնէ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները, Միրզոյեանը արձագանգած է, թէ քայլերը շատ են: «Դէ ես շատ քայլեր ունեմ իմ մտքում, բայց պիտի հասկանանք՝ հիմա գործընթացը ինչ պիտի լինի: Մենք ընդհանրապէս որեւէ բան որ անում ենք, իրաւական կարգաւորումների շրջանակում է, բացառւում է իրաւական կարգաւորումների շրջանակից դուրս որեւէ քայլ ցանկացած հարցի պարագայում», – վստահեցուցած է ԱԺ նախագահը:

Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքի համաձայն՝ դիմումը քննութեան ընդունելու պահէն Սահմանադրական դատարանի դատաւորի լիազօրութիւնները կը կասեցուին մինչեւ դատաքննութեան աւարտը: Հետեւաբար՝ Հրայր Թովմասեանը իր լիազօրութիւններու դադարեցման հարցի քննարկման պիտի չմասնակցի: Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններու դադարեցման համար անհրաժեշտ են դատարանի առնուազն 6 դատաւորներու կողմ ձայները: Դատարանը ունի 9 անդամ, ներառեալ՝ Հրայր Թովմասեանը:

 

massispost.com