Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ'ուզեն կրօնական սահմանադրութիւն մը առաջարկել
Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ժամանակակից աշխարհիկ Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ուղիով ընթացող Քեմալական ընդդիմութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանի այն յայտարարութիւններու, որ վերջինս կոչ կ'ընէ, որ Թուրքիոյ գալիք սահմանադրութիւնը ըլլայ «կրօնական» եւ՝ «աշխարհիկ» ութենէ հեռու:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ ընդդիմադիր առաջնորդ Քեմալ Քիլիշտարօղլուն իր հերթին «Twitter»ի էջին «Արդարութիւն եւ Զարգացում»ի առաջնորդին ուղղելով իր խօսքը ըսած է , որ այն քաոսը, որ այսօր կը գերիշխէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ արդիւնք է ձեր նման մտածելակերպի տէր մարդոց, որոնք կրօնը քաղաքական գործիքի կը վերածեն, աւելցնելով, որ աշխարհիկութիւնը գոյութիւն ունի, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ ազատօրէն իր կրօնը դաւանի:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Քահրաման նաեւ հարց տուած է, թէ Թուրքիան որպէս իսլամական երկիր, ինչո՞ւ պիտի կրօնքէն նահանջող դիրքորոշում մը որդեգրէ, աւելցնելով՝ Մենք իսլամական երկիր ենք, հետեւաբար պէտք է կրօնական սահմանադրութիւն որդեգրենք, որուն մէջ նախ եւ առաջ աշխարհիկը ընդգրկուած պիտի չըլլայ:
arevelk.am
26/4/2016