Արամ Ա․ Կաթողիկոսը ցավակցել է ԻԻՀ Հոգևոր առաջնորդ Այաթոլլահ Խամենեիին
(last modified Thu, 23 May 2024 14:30:11 GMT )
Մայիս 23, 2024 18:00 Asia/Tehran
  • Արամ Ա․ Կաթողիկոսը  ցավակցել է  ԻԻՀ Հոգևոր առաջնորդ Այաթոլլահ Խամենեիին

Արամ Ա․ Կաթողիկոսը ցավակցել է ԻԻՀ Հոգևոր առաջնորդ Այաթոլլահ Խամենեիին։

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին՝ Այաթուլլահ Ալի Խամենէիին յղած նամակով, իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Ալ-Սայէտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ անոնց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով:

Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի ժողովուրդին:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Իրանի պետական պատասխանատուներուն ողբերգական մահը կրնայ նոր դժուարութիւններ ստեղծել՝ ի խնդիր արդարութեան ու խաղաղութեան համար տարուող աշխատանքներուն: Վստահ ենք, որ Աստուծոյ օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ տագնապը եւ երկիրը առաջնորդել դէպի առաւել զարգացում, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս արդարութեան վրայ հիմնուած ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն, ըսաւ ան»: